2016-01-14 10:11:00

Ֆրանչիսկոս Պապի նախաձեռնութիւնը` ''Եղբայրօգնութեան մարմիններու հոգեւոր կրթութիւն ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  ''Քոր Ունում -  մէկ Սիրտʺ քահանայապետական  խորհուրդէն խնդրած է,   հոգեւոր կրթութիւն մը կազմակերպել եղբայր օգնութեան հասնող բոլոր մարմիններուն համար, յառաջիկայ քառասնորդացի ընթացքին, ներշնչուելով Ողորմութեան յոբելենական տարիէն` ʺՀօր նման ողորմած, Աստուած ողորմութեան Հայրն էʺ  նիւթէն ։ Նորին Սրբութիւնը վերոյիշեալ խորհուրդէն խնդրած է նաեւ պատրաստել հոգեւոր կրթութեան աղօթքները, խորհրդածութիւնները ու հարկաւոր բոլոր նիւթերը։

Մէկ Սիրտ - Քոր Ունում ` բարեսիրական խորհուրդի քարտուղարը` գերապայծառ Giampietro Dal Toso Ռատիովատիկանի հետ ունեցած մէկ ելոյթով յայտնեց որ Սրբազան Պապը ուզեց որ այս հոգեւոր կրթութիւնը տեղական բնոյթ ունենայ, եւ թէ Քոր Ունում Մարմնի խորհուրդը արդէն իսկ պատրաստած է միօրեայ հոգեւոր կրթութեան աղօթքի ու խորհրդածութեան նիւթերը որոնք տեղադրուած են Քոր Ունում մարմնի պաշտօնական կայքին վրայ  www.corunum.va ։








All the contents on this site are copyrighted ©.